2012-12-04 10:24:24

Հարաւային Ափրիկէի Առաջնորդ` Տեսմոն Թութու Եպիսկոպոսը Ունեսքոյ 2012-ի Մրցանակակիր։


Մարդու իրաւունքներու մշակոյթի տարածումի տուած բացառիկ իր նպաստին համար։
1984-ի Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակակիր Տեսմոն Թութու եպիսկոպոսը Ունեսքոյի միջազգային յանձնախումբէն ընտրուած է որպէս Ունեսքոյ 2012-ի մրցանակակիր` մարդու իրաւունքներու մշակոյթի տարածումի բերած բացառիկ նպաստին համար։
Ունեսքոյի ընդհանուր տնօրէն` Տիկին Իրինա Պոքովա Դեկտեմբեր 10-ին, մարդու իրաւունքներու նուիրուած օրուան առթիւ, Փարիզի մէջ պիտի յանձնէ մրցանակը։
Նշենք որ Տեսմոն Թութու մեծ դեր ունեցած է հանրավար եւ ոչ-ցեղային նոր Հարաւային Ափրիկէի կերտման գոծրնթացին։ Այս մրցանակով միջազգային յանձնախումբը կը ճանչնայ անոր յանձնառումը նոր սերունդին մօտ ոչ-բռնութեան ի խնդիր, ինչպէս անոր ընդդիմութիւնը ցեղապաշտութեան ու անարդարութեան բոլոր երեւոյթներու դէմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.